2012-01-28 13:15:25

ֆրանսայի Կրօնաւոր Եւ Կրօնաւորուհիներու Հաւաք` Ռէօյ-Մալմեզոն Եւ Ապա Փարիզ Յոյսի Առաքեալներ Բնաբանով ։


160 կրօնաւորական միաբանութիւններու պատկանող շուրջ 600 երիտասարդ կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներ 28 եւ 29 յունուարին ժողով կը գումարեն նախ Ռէյ-Մալմեզոն եւ ապա Փարիզ ''յոյսի առաքեալներ'' բնաբանով։
Հաւաքը կազմակերպած է ֆրանսայի կրօնաւորական խորհուրդը, որ 2012 տարիին համար ընտրած է որպէս բնաբան ''նուիրեալ կեանքի զարգացում''։
Շաբաթ օրը երիտասարդ կրօնաւորները Ռէյ-Մալմեզոնի մէջ աղօթքի, ծիսակատարութեան ու գաղափարներու ու փորձարութիւններու փոխանակումի հանդիպում պիտի կատարեն ։ Կիրակի 29 յունուարին ժողովականները Փարիզի Աթոռանիստ եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ նոր սերունդին պիտի պարզեն կրօնաւորական կեանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.